image

Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են իրավիճակը Կազայի եւ Կարմիր ծովու մէջ

Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են իրավիճակը Կազայի եւ Կարմիր ծովու մէջ

Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած են Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովն ու Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը, մտահոգութիւն յայտնած Կարմիր ծովու ջրային տարածքին մէջ տիրող իրավիճակի կապակցութեամբ եւ հանդէս եկած են Կազայի մէջ կրակի շուտափոյթ դադրեցման օգտին:

Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան տուեալով՝ կողմերը «վերահաստատած են հաւատարմութիւնը ռուս-իրանեան յարաբերութիւններուն եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիմնարար սկզբունքներուն, ներառեալ՝ ներքին գործերուն չմիջամտելը, փոխադարձ յարգանքը ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ»: