image

Ռուսիան մի քանի անգամ մեծցուցած է զէնք-զինամթերքի արտադրութիւնը. Շոյկու

Ռուսիան մի քանի անգամ մեծցուցած է զէնք-զինամթերքի արտադրութիւնը. Շոյկու

Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը քանի մը անգամ մեծցուցած է զէնքի եւ զինամթերքի արտադրութիւնը, ըսած է պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն՝ ամփոփելով 2023 թուականին զէնքի եւ ռազմական տեխնիկայի մատակարարման, ինչպէս նաեւ ենթակառուցուածքներու կառուցման արդիւնքները։ Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն:

«Մեմք յաջողեցանք էապէս մեծցնել հիմնական պահանջարկ ունեցող սպառազինութեան եւ զինամթերքի արտադրութիւնը, մասնաւորապէս, ատոր նպաստած է արտադրական հզօրութիւններու ընդլայնումն ու արդիականացումը, ինչպէս նաեւ աշխատանքի արտադրողականութեան բարձրացումը»,-ըսած է Շոյկուն։

Ըստ անոր՝ արտադրութեան աճը կը պահանջէր մեծ թուով որակեալ մասնագէտներու ներգրաւում, որոշ ձեռնարկութիւններ անցած են շուրջօրեայ աշխատանքային ժամանակացոյցի։