Մեզի համար ակնյայտ է՝ Ռուսիան կը մնայ մեր անվտանգութեան ամենամեծ սպառնալիքը եւ այդպէս ալ պիտի մնայ տեսանելի ապագային. նման պնդմամբ, ըստ Bild-ի, հանդէս եկած է Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պորիս Փիսթորիուսը:
«Ռուսիան ամբողջութեամբ անցած է ռազմական տնտեսութեան», -ըսած է պաշտպանութեան նախարարը՝ ելոյթ ունենալով Պունտեսթագի մէջ:
Փիսթորիուսը զգուշացուցած է Ռուսիոյ պաշտպանական ջանքերու աւելացման մասին՝ նշելով. «Ռուսիան ամբողջութեամբ անցած է պատերազմական տնտեսութեան եւ տարեկան 1000-1500 թանկ կը փոխանցէ բանակին։ Այս ցուցանիշը մօտաւորապէս երկու անգամ աւելի է, քան հինգ խոշորագոյն եւրոպական երկիրներունը միասին վերցուցած»: