image

Նաթանիահու. Թեհրանի մէջ սպաննած ենք հետախուզութեան ղեկավարն ու անոր տեղակալը

Նաթանիահու. Թեհրանի մէջ սպաննած ենք հետախուզութեան ղեկավարն ու անոր տեղակալը

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն հարցազրոյց տուած է Fox News-ին եւ հաստատած Թեհրանի մէջ կատարուած յարձակման հետեւանքով Իսլամական Յեղափոխութեան Պահակագունդի հետախուզութեան պետի եւ անոր տեղակալի վերացումը։

«Մենք որոշեցինք գործել, որովհետեւ ստիպուած էինք։ Մենք տեսանք բաւականաչափ հարստացուած ուրան՝ 9 ռումբ պատրաստելու համար։ Մենք կը յարձակինք անոնց միջուկային կառոյցներուն վրայ։ Մենք յարձակեցանք անոնց բարձրագոյն հրամանատարութեան վրայ, եւ կրնամ թարմացնել, որ քիչ առաջ նաեւ վերացուցինք անոնց հետախուզութեան բաժնի պետը եւ անոր տեղակալը՝ Թեհրանի մէջ»,– ըսած է ան։