image

Ռուսիան Իրանեան «Շահետ»ներով գրոհած է Օտեսայի եւ Քիեւի ուղղութեամբ

Ռուսիան Իրանեան «Շահետ»ներով գրոհած է Օտեսայի եւ Քիեւի ուղղութեամբ

Անցեալ գիշեր, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը «Շահետ» տիպի անօդաչու թռչող սարքերով (ԱԹՍ) եւ հրթիռներով յարձակում գործած է Ուքրանիոյ վրայ, մասնաւորապէս՝ Օտեսայի եւ Քիեւի դէմ, հաղորդած է korrespondent.net-ը։

Օտեսայի մէջ վնասուած է ծննդատան շէնքի վարչական մասը, հարուած ստացած է բնակելի շէնք մը․ զոհուած է 59 տարեկան տղամարդ մը, առնուազն 4 մարդ ալ վիրաւորուած է։ Քաղաքի կեդրոնական հատուածին մէջ գտնուող բնակելի շէնքերը լուրջ վնաս կրած են։ Շտապօգնութեան կայանի վարչական շէնքը ամբողջութեամբ աւերուած է։

Միւս կողմէ՝ Քիեւի վեց շրջաններուն մէջ արձանագրուած են յարձակողական անօդաչու սարքերու ինկած բեկորներ։ Այս մասին երեքշաբթի՝ յունիս 10-ի գիշերը, յայտնած է Քիեւի քաղաքային ռազմական վարչութիւնը։

Քիեւը ենթարկուած է ԱԹՍ-ներու զանգուածային յարձակումի. տասնեակ անօդաչու թռչող սարքեր գրոհած են Ուքրանիոյ մայրաքաղաքը։ Ատկէ առաջ, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը պալիսթիք հրթիռներ արձակած էր Քիեւի վրայ։