image

Ռուսիան հիւպատոսութիւն կը հիմնէ Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ

Ռուսիան հիւպատոսութիւն  կը հիմնէ  Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ

Կիպրոսի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը կը պատրաստուի յառաջիկային հիւպատոսական ծառայութիւններ մատուցել կղզիի հիւսիսային մասին մէջ: Այս մասին յայտնած է ТАСС-ը՝ վկայակոչելով դեսպանատան ներկայացուցը։

Վերջինս տեղեկացուցած է, որ հիւպատոսական ծառայութիւններու մատուցումը պիտի իրականացուի մշտական հիմունքներով։ Նշուած է, որ Կիպրոսի հիւսիսը, ըստ որոշ գնահատականներու, աւելի քան 50 հազար Ռուսիոյ Դաշնութեան քաղաքացի կայ։

Յիշեցնենք, որ Կիպրոսի հիւսիսային հատուածը 1974 թուականէն բռնագրաւուած է Թուրքիոյ կողմէ։  Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ հանրապետութիւնը ճանչցած է միայն Անգարան։