Ռուսիան ու Ուքրանիան փոխանակած են գերիներ։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«16 մայիսին Իսթանպուլի մէջ ձեռք բերուած ռուս-ուքրանական պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն՝ Քիեւի ռեժիմի կողմէ վերահսկուող տարածքէն վերադարձուած է եւս 307 ռուս զինուոր»,- նշած են գերատեսչութենէն։
Փոխարէնը ուքրանական կողմին յանձնուած են գերեվարուած ուքրանական զինուած ուժերու 307 զինեալներ։
Նշուած է, որ վերադարձած զինուորներն այս պահուն կը գտնուին Պելառուսիա, ուր կը ստանան անհրաժեշտ հոգեբանական եւ բժշկական օգնութիւն։ Այնուհետեւ պիտի բերուին Ռուսիա։