image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիան չի քննարկեր Արցախէն խաղաղապահներու դուրս բերման հարցը

Ռուսիան չի քննարկեր Արցախէն խաղաղապահներու դուրս բերման հարցը

Տեղեկութիւնը, թէ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը Պաքուի կամ Երեւանի մէջ կը քննարկէ Ղարաբաղէն խաղաղապահներու դուրսբերման հարցը, չի համապատասխաներ իրականութեան։ Այս մասին ԹԱՍՍ-ին յայտնած է դիւանագիտական ​​աղբիւրը։

«Շարք մը լրատուամիջոցներու մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնն այն մասին, որ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը Պաքուի կամ Երեւանի մէջ կը քննարկէ Ղարաբաղէն ռուսաստանեան խաղաղապահ զօրախումբի դուրսբերման հարցը, չի համապատասխաներ իրականութեան։ Խօսքը խաղաղապահներու ընթացիկ գործունէութեան վերաբերեալ ծրագրուած շփումներու մասին է»,-ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը։