Կապանի մէջ Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոսութիւն հիմնելու ծրագրերն անփոփոխ մնացած են։ Հայկական կողմի համաձայնութիւնը ատոր բացման կը մնայ ուժի մէջ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական վարչութեան տնօրէն Ալեքսէյ Կլիմովը՝ մեկնաբանելով ներկայիս հայ-ռուսական յարաբերութիւններու մէջ ստեղծուած իրավիճակը։
«Հիւպատոսական գրասենեակի աշխատանքի մեկնարկի յստակ ժամկէտներու մասին անպայման լրացուցիչ կը տեղեկացնենք», -աւելցուցած է ան։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ 2023 թուականի հոկտեմբեր 5-ին Մեղրիի մէջ հանդիպում տեղի ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Կապանի մէջ Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման առաջաւոր խումբի ղեկավարի եւ Մեղրիի քաղաքապետի միջեւ։