image

Սամուէլ Կարապետեան նոր կուսակցութիւն հիմնելու մասին յայտարարեց

Սամուէլ Կարապետեան նոր կուսակցութիւն հիմնելու մասին յայտարարեց

Ռուսաստանաբնակ հայ գործարար, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի հիմնադիր Սամուէլ Կարապետեան յայտարարած է նոր քաղաքական ուժ ստեղծելու մասին։

Սամուէլ Կարապետեանի յայտարարութիւնը հրապարակած է անոր եղբորորդին՝ Նարեկ Կարապետեան։

Սամուէլ Կարապետեան յայտարարած է, որ պիտի ստեղծեն սկզբունքօրէն նոր քաղաքական ուժ։

Ան նշած է, որ մեծ յարգանքով կը վերաբերի այլ քաղաքական ուժերուն ու գործիչներուն։ «Բայց մենք Հայաստանի համար լաւ ապագայ կառուցելու մեր պատկերացումն ունենք։ Ու գնալու ենք մեր ճանապարհով, մեր նոր թիմով (խումբ)՝ չբացառելով ներքաղաքական համագործակցութիւնը համախոհների հետ։ Փորձելու ենք համախմբել մեր ժողովրդին արդար ու մեծ նպատակների շուրջ»,- յայտարարած է Կարապետեան։

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ իրենց քաղաքական խումբի ձեւաւորումը մեկնարկած է։