Եւրոմիութիւնը ռազմական կազմակերպութիւն չէ, ուստի Ռուսիան դէմ չէ, որ Ուքրանիան անդամակցի Եւրոմիութեան, Փեթերպուրկի միջազգային տնտեսական համագումարի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Ուքրանիոյ մէջ ռուսական ռազմական յատուկ գործողութեան սկսելէն հաշուած օրեր անց` 2022-ի Փետրուար 28-ին, երկրի նախագահ Վոլոտիմիր Զէլէնսքին ստորագրած էր Ուքրանիոյ յայտը Եւրոպական միութեան անդամակցելու վերաբերեալ:
Ապրիլ 8-ին Քիեւ կատարած այցի ժամանակ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Վոն տեր Լեյեն Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զէլէնսքիին փոխանցած է հարցաշարք, որուն լրացումը անհրաժեշտ քայլ է պետութեան՝ ԵՄ անդամի թեկնածուի կարգավիճակ տալու համար: Վոն տեր Լեյեն խոստացած է, որ Ուքրանիոյ անդամակցման գործընթացը շատ աւելի կարճ պիտի տեւէ, քան այլ թեկնածուներու պարագային կ'ըլլայ: