ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է, որ երկրի իշխանութիւններն ակնդէտ կը հետեւին Աֆղանիստանի մէջ իրադարձութիւններու զարգացման եւ աշխոյժօրէն կը փոխգործակցին ՀԱՊԿ դաշնակիցներու հետ, սակայն մտադիր չեն միջամտել եւ առաւել եւս ներքաշուիլ «բոլորը բոլորի դէմ» զինուած հակամարտութեան մէջ։ Այս մասին պետութեան ղեկավարը յայտարարած է «Ետինաիա Ռոսիա» կուսակցութեան համագումարի ժամանակ, հաղորդած է RIA Novosti-ն։
Ան նշած է, որ Ռուսաստանը փորձ ձեռք բերած է Աֆղանիստանի մէջ ԽՍՀՄ-ի ներկայութենէն, եւ ընդգծած, որ երկիրը ունի իր քաղաքացիներուն միջազգային ահաբեկչութեան սպառնալիքներէ արդիւնաւէտօրէն պաշտպանելու հնարաւորութիւններ։
Նախագահը յիշեցուցած է Հիւսիսային Կովկասի իրադրութեան մասին, ուր, անոր խօսքով, փաստացի մարտական գործողութիւններ ընթացած են միջազգային ահաբեկիչներու խոշոր կազմաւորումներու դէմ։ Նախագահի խօսքով՝ եթէ անոնց չտրուէր համախմբուած հակահարուած, ապա ԱՖղանիստանի ներկայիս սարսափները պիտի շարունակուէին նաեւ Ռուսաստանի մէջ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել