image

Ռուսաստան աշխատանքի մեկնողներուն համար նոր պայմաններ

Ռուսաստան աշխատանքի մեկնողներուն համար նոր պայմաններ

Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի կողմէ տարածուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ աշխատանքային գործունէութիւն ծաւալելու նպատակով, Ռուսաստանի Դաշնութիւն մեկնող ոչ-տեղացի քաղաքացիներու համար սահմանուած են նոր կանոններ:  

Ռուսաստան մուտք գործելու օրուընէ՝ 30 օրացուցային օրուայ ընթացքին պէտք է անցնիլ պետական մատնահետքի մէկանգամեայ գրանցման եւ նկարահանման հաշուառում:

Ռուսաստան մուտք գործելու օրուընէ՝ 30 օրացուցային օրուայ ընթացքին, անհրաժեշտ է անցնիլ բժշկական զննում՝ թմրամիջոցներու կամ հոգեմէտ նիւթերու օգտագործման առկայութեան կամ (բացակայութեան), առանց բժիշկի նշանակման նոր հնարաւոր հոգեական աշխոյժ վտանգաւոր նիւթերու օգտագործման, հասարակութեան համար վտանգ ներկայացնող վարակիչ հիւանդութիւններու առկայութեան, նշուած ցանկով ՌԴ կառավարութեան կողմէ հաստատուած, եւ մարդու իմունային անբաւարարութեան վարակով յառաջացած հիւանդութիւններու վերաբերեալ:

Բժշկական հետազօտութիւններու վերաբերեալ տեղեկանքները պէտք է պարբերաբար ներկայացնել անմիջապէս Ներքին գործերու ոլորտի տեղական կառավարման մարմիններ կամ ենթակայ մարմիններ՝ ելեկտրոնային միասնական տեղեկատուական հարթակի միջոցով:

Նշուած պահանջները չկատարելու պարագային անձերու Ռուսաստանի մէջ ժամանակաւոր գտնուելու ժամկէտները կրնան կրճատուիլ: