Ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան զինծառայողները ամփոփած են վերջին մէկ ամսուայ Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերանի, Մարտակերտի, Մարտունիի շրջաններու եւ Լաչինի միջանցքի մէջ իրենց գործունէութեան արդիւնքները: Այս մասին ըսուած է ՌԴ Պաշտպանութեան Նախարարութեան տեղեկագրով:
«Ռուս խաղաղապահները այս տարուայ Յունուարին ապահոված են մարդասիրական ուղեբեռով շարասիւներու անվտանգ անցումը, ուխտաւորներու այցելութիւնը Ամարաս, հերթապահութիւնը կողմերու միջեւ սահմանազատման գիծի երկայնքով, տեղանքի եւ կառոյցներու ականազերծումը, ինչպէս նաեւ ոչնչացուցած են չպայթած զինամթերքը»,- ըսուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Խաղաղապահները նաեւ աւելի քան 30 մարդասիրական գործողութիւն կազմակերպած են, որոնց ընթացքին աւելի քան 500 քկ. մարդասիրական բեռ փոխանցուած է տեղահանուած անձերու եւ կարիքաւոր ընտանիքներու, անոնց կարգին եւ բազմազաւակ:
Նշուած է, որ խաղաղապահները կը շարունակեն առաջադրանքներ կատարել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի մասին պայմանաւորուածութիւններու իրագործման ընթացքը վերահսկելու ուղղութեամբ:
Մէկ ամսուայ ընթացքին ապահովուած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու 26 ինքնաշարժի շարասիւնի անվտանգ անցումը Լաչինի միջանցքով հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով, ինչպէս նաեւ Շուշի-Կարմիր շուկա-Քաջար եւ Մատաղիս-Գետավան-Վանք եւ հակառակ ուղղութիւններով:
Մարդասիրական արձագանգման կեդրոնի կողմէ 10 գործողութիւն իրականացուած է՝ հարկադիր տեղահանուածներուն օգնելու նպատակով:
Անցեալ ամսուայ ընթացքին ռուս խաղաղապահները 31 այց իրականացուցած են գիւղատնտեսական եւ վերանորոգման աշխատանքներու իրականացման անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Զինծառայողներու աջակցութեամբ մեկնարկած է Ճարտար համայնքի եւ Մարտունիի շրջանի մօտակայ գիւղերու բնակիչներուն համար ջրամատակարարման համակարգի շինարարութիւնը:
Ականազերծման ստորաբաժանումները մինչ օրս ստուգած են 1937 շինութիւն, մաքրած 690 քմ. ճանապարհ եւ 2331 հեկտար տարածք, յայտնաբերուաած եւ ոչնչացուած է 26 176 պայթիւնավտանգ առարկայ: