Ռուս սահմանապահները դեռ չեն եկած, բայց պիտի գան եւ տեղակայուին գիւղի վերի հատուածը: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Գեղարքունիքի մարզի Կութ համայնքի ղեկավար Սիմա Չիտչեանը:
Սիմա Չիտեանի խօսքով՝ իրենց կարծիքը ոչ ոք կը հարցնէ, զինուորականներուն առնչուող գործ է, բայց կը կարծեն, որ ռուս սահմանապահներու տեղակայումը կրնայ որոշակի առումով լարուածութիւն թօթափել:
Յիշեցնենք, որ մամուլի մէջ տեղակութիւն կը շրջանառուէր, որ ռուս սահմանապահները արդէն իսկ Գեղարքունիքի սահմաններուն ծառայութիւն պիտի իրականացնեն, համացանցի մէջ նաեւ լուսանկար հրապարակուած էր, ուր կ'երեւային Գեղարքունիքի ճանապարհին ռուս սահմանապահները: