image

Ռուս դիւանագէտ. Ուքրանիոյ պատերազմը կրնայ դադրիլ մէկ տարիէն

Ռուս դիւանագէտ. Ուքրանիոյ պատերազմը կրնայ դադրիլ մէկ տարիէն

Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը կրնայ դադրիլ մէկ տարիէն, կարծիք յայտնած է Ռուսաստանի նախագահի ներդրումներու եւ արտասահմանեան երկիրներու հետ տնտեսական համագործակցութեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Քիրիլ Տմիթրիեւ՝ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ներդրումային համաժողովի ընթացքին՝ ԱՄՆ վարչակազմի պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներէն ետք, կը յայտնէ Reuters։

«Վստահ ենք, որ մենք խաղաղութեան ճանապարհին ենք»,-նշած է ան։

Տմիթրիեւ միաժամանակ անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ եւ Ռուսաստանի՝ իբրեւ աշխարհի խոշորագոյն տէրութիւններու համագործակցութեան մասին:

«Այժմ մարդիկ կեդրոնացած են Ռուսաստանի շուրջ ծաւալող տարածաշրջանային հակամարտութեան վրայ, սակայն մենք չենք ուզեր, որ այն աւելի մեծ հակամարտութեան վերաճի։ Եւ ատոր հասնելու համար պէտք է աւելի լաւ գործենք, քան առաջ, այլ ոչ թէ աւելի վատ»,- նշած է Ռուսաստանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչը։