image

Ռիատ. Սուրիոյ դէմ կիրառուած պատժամիջոցներու ջնջումէն ետք. Թրամփ-Շարհ հանդիպում կայացաւ

Ռիատ. Սուրիոյ դէմ կիրառուած պատժամիջոցներու ջնջումէն ետք. Թրամփ-Շարհ հանդիպում կայացաւ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ առաջին արտասահմանեան այցի շրջածիրէն ներս Սէուտական Արաբիոյ մէջ հանդիպած է Սուրիոյ նոր ղեկավար Ահմետ Շարհի հետ: Հանդիպման միացած են նաեւ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամետ պըն Սալմանը եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը: Ի դէպ, վերջինս հանդիպման միացած է տեսակապի միջոցով, յայտնած է Anadolu լրատուական գործակալութիւնը։

Նախօրէին Թրամփ նաեւ յայտարարած էր Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները չեղարկելու մտադրութեան մասին,  գրած է dw.com-ը։

«Ես պիտի հրամայեմ վերացնել Սուրիոյ նկատմամբ պատժամիջոցները՝ անոնց հնարաւորութիւն տալու համար», - ըսած է ան Սէուտական Արաբիա կատարած այցի ժամանակ։

Թրամփ պարզաբանած է, որ համապատասխան որոշում կայացուցած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մուհամետ պըն Սալման Ալ Սաուտի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ իրավիճակը քննարկելէ ետք։

Դամասկոսը ողջունած է պատժամիջոցները չեղարկելու Թրամփի յայտարարութիւնը։

«Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու չեղարկումը վճռական շրջադարձ է սուրիացի ժողովուրդի համար՝ դէպի տնտեսական կայունութիւն եւ իրական վերականգնում՝ տարիներ տեւած աւերիչ պատերազմէն ետք», -ըսած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասատ Շիպանին սուրիական «Սանա» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին։

Ինչպէս յայտնած է dpa գործակալութիւնը, Սուրիոյ շարք մը քաղաքներու մէջ մարդիկ ցնծութեամբ դիմաւորած են իրենց երկրի դէմ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու մօտալուտ չեղարկման մասին լուրը։ Ականատեսները լրագրողներուն պատմած են, որ սուրիացիները զանգուածաբար փողոց դուրս եկած են Դամասկոսի, Հոմսի եւ այլ քաղաքներու մէջ։