image

Ռազմական լուծում չկայ. Պետական քարտուղարութիւնը մտահոգ է Արցախի զարգացումներով

Ռազմական լուծում չկայ. Պետական քարտուղարութիւնը մտահոգ է Արցախի զարգացումներով

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայս ճեպազրոյցին անդրադարձած է ատրպէյճանական զինուժի կողմէ 5 մարտին Արցախի մէջ իրականացուած յարձակման՝ յայտարարելով, որ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի:

«Մենք կը հետեւինք 5 մարտին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ 5 անձի (նկատի ունի նաեւ Ատրպէյճանի զոհերը՝ խմբ.) կեանք խլած փոխհրաձգութեան միջադէպի մասին հաղորդումներուն։ Մենք զօրակցութիւն կը յայտնենք զոհուածներու ու վիրաւորուածներու ընտանիքներուն։ Հակամարտութիւնը չի կրնար ռազմական լուծում ունենալ եւ վէճերու լուծման նպատակով ուժի կիրառումը երբեւէ չի կրնար ընդունելի ըլլալ։ Խաղաղութեան պահպանման միակ ճանապարհը բանակցային սեղանի շուրջ աշխատիլն է, իսկ ուժի կիրառումը կը խաթարէ բանակցութիւնները։ Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով խորհրդական Լուի Պոնոն տարածաշրջան է՝ ընդգծելու, որ առաջընթացի միակ ճանապարհը ուղղակի երկխօսութիւնն է եւ դիւանագիտութիւնը։ Եւ ինչպէս պետական քարտուղարն ընդգծած է, Միացեալ Նահանգներ յանձնառու է աջակցելու հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան բանակցութիւններուն», -ըսած է Փրայս։

Անդրադառնալով երկիրներու միջեւ բանակցային գործընթացին՝ պետական քարտուղարութեան խօսնակն ըսած է, որ ամերիկեան կողմին համար կարեւոր է կողմերու միջեւ շարունակական ուղիղ երկխօսութիւնը:

«Մենք երկու երկիրներու համար ալ գործընկերոջ դեր  կատարած ենք՝ նպաստելով եռակողմ ձեւաչափով ներգրաւուածութեան արտաքին գործոց նախարարներու եւ առաջնորդներու մակարդակով: Մենք պատրաստ ենք՝ ըլլայ երկկողմ, եռակողմ, բազմակողմ ձեւաչափերով, շարունակել գործընկեր ըլլալ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու ջանքերու առաջմղման գործին մէջ», -աւելցուցած է Փրայս։