image

Ռազմական գործողութիւնները կրնան վերսկսիլ. ՀՀ ՊՆ

Ռազմական գործողութիւնները կրնան վերսկսիլ. ՀՀ ՊՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ռուսական «Лентa.ру» կայքին տուած հարցազրոյցին, անդրադարձած է ռազմավարական ոլորտին առնչուող կարեւոր հարցերու՝ այդ շարքին նաեւ Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ համագործակցութեան ու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման տարբերակներուն:

Լրագրող Նիքոլայ Պանին այն հարցին, թէ ինչքանով հաւանական է տարածաշրջանին մէջ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը, Վիգէն Սարգսյան պատասխանած է, որ Ազրպէյճանի հետ զինուած հակամարտութեան վերսկսումը հնարաւոր է: «1994թ. Ազրպէյճան, Լեռնային Ղարաբաղ եւ Հայաստան եռակողմ ձեւաչափով կրակի դադարեցման մասին համաձայնագիր է ստորագրուել: Ցաւօք,  1994թ. սկսած Պաքուն աւելի քան 20 տարի խոչընդոտում է խաղաղ գործընթացին: Աւելին՝ հետեւողականօրէն ձախողւում են միջազգային հանրութեան՝ ի դեմս ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների, հակամարտութեան լուծման հնարաւոր տարբերակներ գտնելու փորձերը: Ընթացիկ տարուայ ապրիլին Ազրպէյճանը լայնամասշտապ ռազմական աւանտյուրա ձեռնարկեց Լեռնային Ղարաբաղի դէմ, որը լիովին տապալուեց: Այժմ մենք մեր աշխատանքը կառուցում ենք այն ենթադրութեան վրայ, որ ռազմական գործողութիւնները կարող են վերսկսուել»,-ըսած է նախարարը:

Շարունակելով իր խօսքը՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ ակնյայտ է, որ Հայաստանին ու տարածաշրջանի երկիրներուն ձեռնտու չէ հակամարտութեան հնարաւոր սրումը, աւելցնելով, որ իրադարձութիւններու նման զարգացման պարագային, Երեւանը, ըլլալով ԼՂՀ անվտանգութեան երաշխաւորը, ստիպուած պիտի ըլլայ ներքաշուիլ հակամարտութեան մէջ: «Ակնյայտ է, որ պատերազմի վերսկսումը լրջագոյն սպառնալիք կը լինի ողջ Հարաւային Կովկասի համար»,-ըսած է ան: