«Հիւսիս» զօրքերու խմբակի հրամանատարութիւնը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին զեկուցած է Քուրսքի մարզի տարածքը Ուքրանիոյ զինուած ուժերու ներկայացուցիչներէն ազատելու գործողութեան եզրափակիչ փուլ մտնելու մասին։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։
Փութինը, նախորդ օրը՝ Մարտ 12-ի երեկոյեան, այցելած է Քուրսքի մարզի հրամանատարական կէտերէն մէկը։ Ան խնդիր դրած է մարզին մէջ որքան կարելի է շուտ ամբողջութեամբ ջախջախել Ուքրանիոյ զինուած ուժերը եւ ապահովել անվտանգութեան գօտի։
Ուքրանիոյ զինուած ուժերու զանգուածային յարձակումը Քուրսքի մարզին դէմ սկսած է 2024-ի Օգոստոս 6-ին։ Մարզին մէջ սահմանուած է դաշնային արտակարգ ռեժիմ։ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ Քիեւը Քուրսքի ուղղութեամբ ռազմական գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր կորսնցուցած է աւելի քան 66,810 զինուոր։