image

«Քինկզ» ներողութիւն խնդրեց «Հայկական ժառանգութեան երեկոյ»ին «թրքական  ապրանքներ» վաճառելուն համար

«Քինկզ» ներողութիւն խնդրեց «Հայկական ժառանգութեան երեկոյ»ին «թրքական  ապրանքներ» վաճառելուն համար

«Լոս Անճելըս Քինկզ» հաքիի խումբին տնօրէնութիւնը ներողութիւն խնդրած է հայերէն՝ «Հայկական ժառանգութեան երեկոյ»ին Թուրքիոյ մէջ արտադրուած ապրանքներ վաճառելուն համար։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

«Լոս Անճելըս Քինկզ» հաքիի խումբին տնօրէնութիւնը յայտարարութեան մը միջոցով ներողութիւն հայցեց հայերէն, երբ յայտնի դարձաւ, որ «Հայկական Ժառանգութեան Երեկոյ»ին ընթացքին ծախուած հայկական եռագոյնի գոյներով վզկապները եւ այլ իրեր արտադրուած են Թուրքիոյ մէջ։

Խումը իր յայտարարութեան մէջ կը շեշտէ, թէ տեղեկութիւն չէ ունեցած իրերուն արտադրութեան վայրին մասին՝ ցաւ յայտնելով այս արարքին ունեցած բացասական հետեւանքներուն համար՝ հայ համայնքին վրայ։

Խումբը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդունելու վերադարձուող իրերը։