image

Ռազմագերիներու ծնողները կը բողոքեն ...

Ռազմագերիներու ծնողները կը բողոքեն ...
Պաքուի մէջ պահուող հայ ռամզագերիներու հարազատները հաւաքուած են կառավարութեան շէնքի դիմաց, պահանջելով հանդիպում ունենալ պատասխանատու պաշտօնեաներու հետ:
 
Անոնք նշած են, որ պիտի չհեռանան այնքան ժամանակ, մինչեւ կը կայանայ իրենց պահանջած հանդիպումը:
 
Յիշեցնենք, որ ռազմագերիներու հարազատները հանդիպում կը պահանջէին իրաւասու այնպիսի մարդու հետ, որ կրնայ իրենց հարցերուն սպառիչ պատասխաններ տալ՝ հայ ռազմագերիները վերադարձնելու հարցերու շուրջ։
 
Կառավարութենէն նախ յայտնած էին, որ երկու անձ կ'ընդունին, սակայն գերիներու հարազատները հրաժարած էին նման ձեւաչափէ։ Որոշ ժամանակ անց, այնուամենայնիւ, անոնցմէ մի քանին հանդիպեցան վարչապետի խօսնակի հետ, բայց հանդիպումէն ետք յայտնեցին, որ որեւէ յստակ պատասխան իրենց չէ տրուած: