Յառաջիկայ երկուշաբթի ՝ 8 փետրուարին Լիբանան դանդաղօրէն պիտի փորձէ վերադառնալ դէպի բնականոն հուն։
Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի շուրջ երկու շաբթուան «համընդհանուր տնակալում»-էն (Lockdown) դուրս գալու մասին է, որուն մասին պետական որոշում առնուեցաւ երէկ։
Կարեւոր է նշել, որ երկրի առողջապահական մարմիններ, որոնք աւելի երկիրը համընդհանուր փակման տանելու որոշում կայացուցած էին, յաճախ թիրախ դարձած էին ծանր քննադատութիւններու։
Կարգ մը օրեր վարակուածներուն թիւը անցած էր 6000 ը, բան մը որ մեծ մտավախութիւններու տեղիք տուած էր։
Այս օրերուն հակառակ անոր, որ «Քովիտ»ի հետեւանքով մահացութիւններու թիւը ամէնօրեայ դրուածքով կը հաստատէ մրցանիշային թիւեր (վերջին օրերուն «Քովիտ»ի հետեւանքով մահացութիւններու թիւը անցած էր 80-ը), փոքր յոյսի նշոյլներ կան, որ Լիբանան պիտի կարողանայ բարիով դուրս գալ այս տագնապէն ալ։
Խնդիրն այն է, որ տնտեսական ծանր բերան տակ կքած լիբանանցիներու կարեւոր մէկ տոկոսը ունի «օրուայ հաց»ի խնդիր եւ այդ մէկն է նաեւ, որ «կը դրդէ» երկրի պատասխանատուներուն վերատեսութեան ենթարկել «Քովիտ»ի վերաբերեալ ընդհանուր քաղաքականութիւնը։
Այս բոլորի լոյսին տակ ուշագրաւ է, որ վերաբացման հետ մէկտեղ լիբանանցիք զրկուած պիտի ըլլան ճաշարաններ, սրճարաններ եւ գիշերային ակումբներ յաճախելու իրենց «երանութիւն»էն։
Կեանքով շէնշող Պէյրութը պիտի չըլլայ առաջուան նման, սակայն ակներեւ է նաեւ, որ պատուաստման նոր փուլին շնորհիւ երկիրը պիտի կարողանայ թօթափել «պարտադրեալ մահաքուն»ի իրավիճակը։
Լիբանանցիք, որ զրկուած են դրամատուներէն իրենց գումարները ստանալու իրաւունքէն, այսօր ալ պիտի զրկուին Պէյրութի կապոյտ ափերուն սուրճ մը վայելելու հաճոյքէն։
Այսօրուան ընդհանուր դրութեան մէջ Պէյրութն ալ յար եւ նման այլ կենսունակ մայրաքաղաքներու խխունջի պէս պիտի փակուի իր պատեանին ներս, նայի կապոյտ երկնքին ու սպասէ բարի օրերու վերադարձին։