image

Քուրսքի դէպքերը Ռուսիոյ համար «միջուկային պատրուա՞կ». Այն մասին խօսած է Լուքաշենքօ

Քուրսքի դէպքերը  Ռուսիոյ  համար «միջուկային  պատրուա՞կ». Այն  մասին  խօսած է Լուքաշենքօ

Քուրսքի շրջանին մէջ Ուքրանիոյ կողմէ սրացումը Ռուսիոյ զէնքի, ներառեալ միջուկային զէնքի կիրառման դրդելու փորձ է։

Այս մասին յայտարարած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքօն։

«Պելառուսիա-ուքրանական սահմանն ականապատուած է, ինչպէս երբեք, Ուքրանիոյ զինուած ուժերը կը կարողանան այն անցնիլ միայն հսկայական կորուստներով», - ըսած է ան։

Լուքաշենքօ ըսած է, որ ուքրանական անօդաչու սարքերը տեւական կը խախտեն Պելառուսիոյ հարաւ-արեւելք սահմանը ։

«Քուրսքի շրջանի վրայ յարձակման ժամանակ ոչ արհեստավարժներ չեն եղած։ 

Անոնք հաւաքուած էին ողջ մարտական գիծէն, անոնք հիմնականին պատերազմի մէջ արդէն ծառայած մարդիկ էին։

Ստեղծուեցան վարձկաններ, շատ հզօր ուժեր ստեղծուեցան»,- ըսած է Լուքաշենքօն։