Իրանի խորհրդարանն օրէնսդրական նախաձեռնութիւն կը պատրաստէ, որ կրնայ Թեհրանը դրդել դուրս գալու Միջուկային զէնքի տարածումը կանխարգիլելու մասին պայմանագրէն:
«Հաշուի առնելով վերջին զարգացումները՝ մենք պիտի կայացնենք համապատասխան որոշում: Կառավարութիւնը պարտաւոր է կիրառել խորհրդարանի կողմէ ընդունուած օրէնքները, սակայն այս օրինագիծը դեռ կը պատրաստուի, եւ մենք պիտի համակարգենք այն խորհրդարանի հետ հետագայ փուլերուն»,-ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Էսմայիլ Պաղաային:
Պաղային յիշեցուցած է Իրանի պաշտօնական դիրքորոշումը, որ իր միջուկային ծրագիրը բացառապէս խաղաղ բնոյթ կը կրէ, չնայած Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը (ԱԷՄԳ) անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ Թեհրանը կը խախտէ Միջուկային զէնքի տարածումը կանխարգիլելու մասին պայմանագրի իր պարտաւորութիւնները:
Միջուկային զէնքի տարածումը կանխարգիլելու մասին պայմանագիրը, որ Իրանը վաւերացուցած է 1970-ին, երկիրներուն իրաւունք կու տայ զարգացնելու խաղաղ միջուկային ուժանիւթ՝ միջուկային զէնք չստեղծելու եւ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (ԱԷՄԳ) հետ համագործակցելու համաձայնութեան դիմաց:
Իրանեան պետական լրատուամիջոցները հաղորդած են, որ խորհրդարանը դեռ վերջնական որոշում չէ կայացուցած Միջուկային զէնքի տարածումի արգիլելու մասին պայմանագրէն դուրս գալու վերաբերեալ, իսկ օրէնսդիր մը ըսած է, որ նախաձեռնութիւնը կը գտնուի օրէնսդրական գործընթացի վաղ փուլի մէջ: