image

«Քորոնա»ն կը շարունակէ մոլեգնիլ Հալէպի մէջ. Զոհերու շարքին են 5 բժիշկներ

«Քորոնա»ն կը շարունակէ մոլեգնիլ Հալէպի մէջ. Զոհերու  շարքին են  5    բժիշկներ

 «Քորոնա» համավարակը կը շարունակէ գլուխ բարձրացնել Հալէպի մէջ։

«Արեւելք» այս մասին լուրեր ստացաւ Հալէպի մասին տեղեկութիւն հաղորդող դիմատետրի էջերէ։

 

Կը նշուի նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ «Քորոնա»ով վարակուած հիւանդներուն թիւը անցած է 1500-ը։

Ինչ կը վերաբերի  համավարակին հետեւանքով Սուրիոյ մէջ մահացած առողջապահական ոլորտի աշխատակցիներուն ապա ըստ AL KHABAR կայքին վարակին հետեւանքով մահացած են ոլորտի աշխատակից 55 անձեր (բժիշկներ եւ հիւանդապահներ)։

 

Նոյն աղբիւրը կը հաղորդէ, որ երէկ՝ ուրբաթ օր վարակին պատճառով հալէպցիք հողին յանձնած են  5 արժանաւոր բժիշկներ, որոնց մէջ նաեւ  եղած է  հալէպահայ յայտնի  բժիշկ ՝Ճոնի Հատտատը։

 

Համավարակային իրավիճակը կը շարունակէ մտահոգիչ ըլլալ Հալէպ քաղաքին մէջ։