image

«Քոլիվա». Կամ Աւագ Ուրբաթ օրուան աւարտի ցորենով ուտելիքին խորհուրդը

«Քոլիվա». Կամ Աւագ Ուրբաթ օրուան  աւարտի ցորենով ուտելիքին  խորհուրդը

 

«Եթէ ոչ հատն ցորենոյ անկեալ յերկիր մեռանիցի, ինքն միայն կայ, ապա եթէ մեռանիցի, բազում արդիւնս առնէ»: 

       

Արաբ քրիստոնեաներուն մօտ ուշագրաւ աւանդութիւն մը կայ Քրիստոսի թաղման ՝ Աւագ Ուրբաթ օրուան կապակցութեամբ։

Այդ օրը հաւատացեալները կը մասնակցին  Քրիստոսի Թաղման աղօթքներուն, եւ նախքան պատարագի սկսիլը անոնք կը մօտենան Սուրբ Խորանին եւ  գորգին վրայ կը զետեղեն ցորենով  լեցուած պնակներ։ 

  Խաշուած ցորենէ,  ընկոյզէ կամ կաղինէ բաղկացած այս ուտելիքը, որուն վրայ շատեր փոշի շաքար ալ կը ցանեն յայտնի է «Քոլիվա» անունով եւ այն կը սերի  Ուղղափառ  եկեղեցիներու աւանդակարգէն։ Հաւատացեալները այս առթիւ կը խնդրեն, որ քահանայ հայրերը օրհնեն այդ ուտելիքը, որ նաեւ կը բաշխուի կարիքաւորներուն։

 Ըստ ուղղափառ աւանդութեանց,  «Քոլիվա»ն որ նաեւ արաբերէնով յայտնի «Ռահմա» անունով խորհրդանիշն է մշտանորոգ կեանքի, որովհետեւ ինչպէս գիրքին մէջ ալ նշուած է, որ այն ցորենը, որ գետին կ՚իյնայ, ապա  նոր ծիլ տալով յաւիտեան կ՚ապրի։

Լիբանանի յատկապէս լեռնային շրջաններուն մէջ, ուր արաբ քրիստոնեաները շատ խորունկ հաւատքով կապուած են իրենց եկեղեցին ու կրօնքին հաւատքով կը մօտենան եկեղեցւոյ աւանդոյթներուն եւ նման արարողութիւններու ընդմէջէն կը փորձեն Քրիստոսիո մշտանորոգ եւ յաւիտենական կեանքի իրական իմաստներով ապրիլ։