image

Քոչարեանն ու Հէյտար Ալիեւը վրանի տակ քննարկած են Մեղրիի փոխանակման հարցը, Այդ մասին յայտնած է Վաղարշակ Յարութիւնեան. Փաշինեան

Քոչարեանն ու Հէյտար Ալիեւը վրանի տակ քննարկած են Մեղրիի փոխանակման հարցը,  Այդ մասին  յայտնած է Վաղարշակ Յարութիւնեան. Փաշինեան

Պաշտպանութեան նախկին նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանը հրապարակային հարցազրոյցին յայտարարած է, որ Մեղրիի տարբերակն իր ներկայութեամբ քննարկուած է Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Հէյտար Ալիեւի միջեւ 1999 թուականի Սադարակի բանակցութիւններու ժամանակ։

Այս մասին ԱԺ 44-օրեայ պատերազմի քննիչ յանձնաժողովի նիստի հարցուպատասխանի ժամանակ ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Փաշինեանի հաղորդմամբ՝  Վաղարշակ Յարութիւնեանը նաեւ ըսած է, որ Քոչարեանն իրեն ըսած է, թէ Մեղրիի տարբերակը լաւ տարբերակ է ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման համար։ Ըստ անոր՝ այդ ժամանակ Մեղրիի տարբերակն իրենից հետեւեալը ներկայացուցած էր․ Հայաստանին կը միացուի նախկին ԼՂԻՄ-ի տարածքը եւ Լաչինը՝ փոխարէնը Հայաստանն Ատրպէյճանին կը զիջէր Մեղրիի շրջանը, որ Ատրպէյճանը ցամաքային կապ ստանայ Նախիջեւանի հետ։

« «Առաւօտ» օրաթերթում հրապարակում է եղել այն մասին, որ Վարդան Օսկանեանը Գլենդելում հայ համայնքի հետ հանդիպմանը յայտարարել է,  որ Մեղրին տրւում է Ադրբեջանին, Լաչինը, Ղարաբաղի հետ տրւում էր Հայաստանին»,- հրապարակուած յօդուածը մէջբերած է վարչապետը։