«Հրապարակ» թերթը կը գրէ. «ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երկուշաբթի օր՝ Դեկտեմբեր 27-ին, ասուլիս պիտի տայ։
Լրատուամիջոցները պիտի հրաւիրուին եւ մասնակցին հաւատարմագրման կարգով: Կը նախատեսուի ընդգրկել լրատուադաշտի ողջ լուսապատկերը, ի տարբերութիւն Նիկոլ Փաշինեանին, որ պատերազմէն յետոյ անցած է առցանց ասուլիսներու եւ կը հրաժարի ԶԼՄ-ներու հետ դէմ դէմի հանդիպումներէ, նոյնիսկ առցանց ասուլիսներու ժամանակ ԶԼՄ-ներու ուղարկած հարցերուն կը պատասխանէ ըստ նախընտրութեան՝ չանդրադառնալով անկախ եւ ոչ իշխանական որոշ լրատուամիջոցներու հարցերուն։
Երէկ՝ Դեկտեմբեր 24-ին, Փաշինեան հերթական առցանց ասուլիս տուած է, որու ժամանակ մասնաւորապէս ըսած է, որ Դեկտեմբեր 28-ին պիտի մասնակցի Սէյնթ Փիթըրսպըրկի մէջ նախատեսուած ԱՊՀ ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովին, ուր «Ատրպէյճանի նախագահի հետ անպայման շփում պիտի ըլլայ»։
Ի դէպ, վերջին ասուլիսներու ժամանակ մեկնաբանութիւններու դաշտը փակ կը մնայ։