«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. մահուամբ զմահ կոխեաց,
եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց…» ։
Մեր Տիրոջ եւ փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին առիթով սրտագինս եւ ամենայն ուրախութեամբ կը շնորհաւորեմ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութիւնը, հոգեւորականաց դասը, կրօնական եւ քաղաքական ժողովները, կազմակերպութիւնները, մարմիններն ու բարեսիրական, կրթական, մշակութային, ընկերային, մարզական, ծառայողական ու հոգեւոր միութիւնները, հաստատութիւնները, խորհուրդները, յանձնախումբերը, խնամակալութիւններն ու հոգաբարձութիւնները, եղբայրակցութիւնները եւ սիրեցեալ ժողովուրդի զաւակները, բոլորիդ մաղթելով յարուցեալ կեանքի շունչով ծաղկազարդուած ու կենսաւորուած նոր, պայծառ ու առողջ ապագայ, ապահով ու յաջող կեանք, անայլայլ հաւատք, անկոտրում կամք եւ աննահանջ ընթացք։
Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը այս բառերով կը բնութագրեն մահուան ու յաւիտենական կորուստի դատապարտուած մարդը ազատելու, փրկելու, կեանքի կոչելու, վերականգնելու եւ անմահութեան արժանացնելու աստուածային փրկագործութեան պսակը հանդիսացող՝ Տիրոջ երեքօրեայ մեռելներէն յաղթական յարութիւնը. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. մահուամբ զմահ կոխեաց, եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց. նմա փառք յաւիտեանս ամէն»1
Այո՛, ասիկա մեր ստացած նոր կեանքի տօնն է, քու եւ իմ յաղթանակի տօնն է։ Անարդար, իրաւազրկող ու բռնադատող աշխարհին կողմէ իրաւազրկուածին, բռնադատուածին, ճնշուածին, հալածուածին, արհամարհուածին, անտեսուածին, ծաղր ու ծանակ եղողին, կեղեքուածին, յափշտակուածին, երեսէ լքուածին, անարդար վերաբերմունքի ենթարկուածին ու ճշմարիտ քրիստոնեայ հաւատացեալին յաղթանակի տօնն է։
Քրիստոս՝ մեր Տէրը, յօժարակամ ինքզինք յանձնեց զԱստուած մերժողներուն ձեռքը եւ անոնք կատղած գայլերու ու գազաններու նման անոր վրայ յարձակելով, իբրեւ անմեղ գառնուկ, մահուան դատապարտեցին, խոշտանգեցին, արհամարհեցին ու չարչարեցին, տանջեցին, վիրաւորեցին, յօշոտեցին, խաչեցին ու սպաննեցին. ապա իր հաւատարիմ հետեւորդները գալով՝ անշնչացած մարմինը խաչէն վար իջեցուցին եւ ժայռափոր գերեզմանին մէջ դրին։
Անարդար աշխարհն ու իր անխիղճ զաւակները ուրախ էին, որովհետեւ իրենց դաւադրութիւնը եւ նենգ սադայէլական ծրագիրը կը կարծէին որ յաջողած էր, այն՝ ինչ կը վերաբերէր Մեսիային ձերբակալումին, դատավարութեան, մահուան դատապարտութեան, չարչարանքներուն, խաչելութեան ու թաղման։
Խաւարասէրները կը ցնծային, կարծելով որ թաղած են լոյսը, եւ այլեւս իրենց չար գործերը բնաւ երեւան պիտի չգան եւ ծածուկ ու նենգ բաները պիտի չյայտնուին։
Անօրէն ու ամբարիշտ մարդիկ կը կաքաւէին, կարծելով որ յաջողած էին միանգամընդմիշտ լռեցնել արդարութեան ու ճշմարտութեան ձայնը, հետեւաբար իրենց գործերը եւ արարքները քննադատող պիտի չըլլար եւ իրենք ազատ ու համարձակ պիտի շարունակէին իրենց անարդարութիւնն ու անօրէնութիւնները։
Մեղքի ու մահուան շղթայակիրները կը ցնծային, կարծելով որ յաղթանակած էին կեանքին վրայ եւ զայն յաւերժ գերեզմանած։
Եւ հրեայ ղեկավարները խոր շունչ մը քաշած՝ կը կարծէին, թէ հասած են իրենց նպատակին եւ ապահոված իրենց կեղծաւոր, նենգ, անկենդան, անշունչ ու անհոգի գոյերթը։
Սա ինքնախաբուսիկ եւ ժամանակաւոր իրավիճակ մըն էր, որուն մասին Քրիստոս Տէրը նախապէս խօսած էր իր աշակերտներուն. «Լա՛ւ գիտցէք, թէ դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհը պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, բայց ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի…Դուք այժմ տրտմած էք, բայց ես կրկին պիտի տեսնեմ ձեզ եւ ձեր սիրտերը ուրախութեամբ պիտի լեցուին. ուրախութեամբ մը՝ որ ոչ ոք պիտի կարենայ խլել ձեզմէ» (Յհ 16.20-22)։
Աշակերտները իրենց Տիրոջ մատնութենէն, խաչելութենէն ու թաղումէն ետք անբացատրելի վախի ու ալեկոծութեան ազդեցութեան տակ՝ սաստիկ տրտմութեան եւ սուգի մատնուած էին։ Աշխարհը մթագնած էր, սիրտերը ճմլուած էին, հոգիները՝ ցնցուած, միտքերը՝ անորոշութեան վիճակի մատնուած, ոմանք գայթակղութեան սեմին հասած էին իսկ ուրիշներ ալ լիովին շփոթահար չէին գիտեր ինչ ընեն։ Նոյնը յաճախ մեզի ալ կը պատահի, երբ կեանքի տիրող անակնկալ պայմանները, անել թուացող երեւոյթները իրենց խաբուսիկ կերպարով կը ճնշեն ու կը փորձեն յուսահատութեան մատնել մեզ։ Բնաւ առիթ չտանք, զոհը չդառնանք չարին ու անոր գրգիռներուն եւ չինանք անոր լարած թակարդին մէջ, այլ համբերութեամբ սպասենք Տիրոջ անխարդախ խոստումներուն եւ անոր հաւատարմութեան ապաւինած՝ յոյսով սպասենք օգնութեան եւ փրկութեան, որ շուտով եւ անպայման պիտի գան ու մենք զանոնք պիտի վայելենք։
Խաչելութենէն ու թաղումէն երեք օր անցած էին եւ ահա Արդարութեան Արեգակը՝ Յիսուս Քրիստոս, ըստ իր խոստումին, մահուան վրայ յաղթանակելով՝ փակ գերեզմանէն կը ճառագայթէ՝ լուսաւորելով ողջ աշխարհը եւ կը փարատէ վախի, խաւարի ու անորոշութեան մուգ ամպերը, կը փշրէ չարին կողմէ մեր վրայ տարածած յուսահատութեան անդամալուծող շղթաները եւ վերցնելով սուգի քողը՝ վիշտը ուրախութեան կը վերածէ, լացը՝ կաքաւելու եւ տրտմութիւնն ալ՝ ցնծութեան։
Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ՝ ամբողջացնելու Հայր Աստուծոյ կամքը, որ մարդկային փրկագործութեան ծրագիրն էր։ Մատնութիւնը, չարչարանքը, խաչելութիւնը եւ թաղումը առաջին բաժինն էին աստուածային ծրագիրին։ Տակաւին երկրորդ բաժինը պիտի հետեւէր։
Քրիստոս բազմաթիւ անգամներ խօսած էր իր աշակերտներուն թէ՛ իր մատնութեան, մահուան ու թաղումին մասին եւ թէ ալ՝ իր երեքօրեայ յարութեան մասին։ Բայց աշակերտները չէին հասկցած ըսուածը եւ վախցած էին նոյնիսկ հարցնել անոր, թէ ի՞նչ կը նշանակէ երեքօրեայ յարութիւն։
Քրիստոնէական կրօնը, որպէս հաւատալիք հիմնուած է երկու էութենական ճշմարտութիւններու վրայ, առանց անոնց չկան իսկական քրիստոնէութիւն եւ կրօնք։ Քրիստոսի խաչելութիւնն ու մեռելներէն երեքօրեայ յարութիւնը երկու հիմնաքարերն են մեր հաւատքին ու կրօնքին։ Որովհետեւ առաջինին միջոցաւ, Տէրը մեր յանցանքները ջնջելով մեզի մեղքերու թողութիւն տուաւ իսկ երկրորդին միջոցաւ մեզ արդարացուց, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կը յիշեցնէ (տե՛ս Հռ 4.25)։
Մահը չէր կրնար շղթայել Քրիստոսը, որովհետեւ անիկա կեանքն իսկ է եւ անոր վրայ ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունի (Յհ 10. 17-18), որովհետեւ մահուան ու դժոխքի բանալիները իր ձեռքն են (Յյտ 1.18)։ Գերեզմանը չէր կրնար բանտել Քրիստոսը, որովհետեւ անիկա անմահ ու անվախճան Աստուածն է, ի՛նք է յարութիւնը եւ կեանքը, կեանքի աղբիւրը եւ կեանքի տուիչը (Յհ 11.25)։ Խաւարը չէր կրնար գերեզմանել զՅիսուս, որովհետեւ ինքն է միակ հզօրը, թագաւորներու Թագաւորը եւ տէրերու Տէրը, մաքրամաքուր լոյսը որ անմատչելի լոյսին մէջ կը բնակի (Ա.Տմ 6.16) ու կը լուսաւորէ ամբողջ աշխարհը (Յհ 1.9) եւ իրեն հաւատացողն ու հետեւողը բնաւ խաւարի մէջ չի քալեր (Յհ 8.12)։ Եւ գերեզմանը չէր կրնար լռեցնել արդարութեան ձայնը, որովհետեւ Քրիստոս ինք է միակ Արդարն ու ճշմարտութիւնը։
Քրիստոս անձամբ ըսած էր. «Ահա կու գայ այս աշխարհի իշխանը, որ իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունի» (Յհ 14.30), «Ոչ ոք կրնայ կեանքս ինձմէ խլել։ Ես իմ կամքովս կեանքս կու տամ։ Իրաւունք ունիմ զայն տալու, ինչպէս նաեւ իրաւունք ունիմ զայն կրկին առնելու» (Յհ 10.18)։
Աւելին, Քրիստոս յարութիւն պիտի առնէր մեռելներէն, որովհետեւ ատոր մասին մարգարէացած էին մարգարէները եւ տեսիլքով նաեւ տեսած էին նահապետները։ Հին Կտակարանին մէջ Աբրահամ տեսած էր այդ մէկը եւ ուրախացած (տե՛ս Յհ 8.56)։ Դաւիթ մարգարէն մարգարէացած էր Քրիստոսի մեռելներէն յարութեան մասին (տե՛ս Սղ 2.1-3, Սղ 16.9-10), Եսայի մարգարէն եւս մարգարէացած էր Քրիստոսի յարութեան մասին (տե՛ս Ես 53.10-12)։
Ահա պահն էր, որ մարդը փրկելու, արդարացնելու եւ յաւիտենական կեանքի զօրութեամբ յուսադրելու Աստուծոյ ծրագիրին ամբողջացման Աւետիսը բարձրաձայնէր։ Պահն էր, որ մահուան վրայ կեանքին տարած յաղթանակին փողը հնչէր։ Պահն էր, որ խաւարի փարատման, մեղքի խայթոցին վերացման, ստրկութեան շղթաներուն խորտակումին, բանտարկեալներուն ազատագրումին, մարդուն անկեալ բնութեան վերականգնումին, արդարացման, փրկութեան, եւ յարուցեալ կեանքին ու երջանկութեան ժառանգորդութեան իրաւունքին արժանանալու աստուածահաստատ հռչակագիրը յայտարարուէր եւ ամբողջ աշխարհ տարածուէր ու արձագանգէր։
Եւ այս էր որ կատարեց Յիսուս երեք օր ետք մեռելներէն յարութիւն առնելով։ Ան իր յարութեամբ կեանքի յոյսը ներշնչեց ո՛չ միայն ողջերուն, այլեւ՝ ննջեցեալներուն, որովհետեւ իր թաղումէն յետոյ, ճիշդ է որ մարմինով գերեզման դրուեցաւ, բայց հոգիով իջաւ դժոխք, խորտակեց դժոխքի դռները, հոն, ուր բանտարկուած էին բոլոր նախապէս ննջածներու հոգիները եւ անոնց ալ քարոզելով եւ յաղթանակի Աւետիսը փոխանցելով՝ իր հետ յարուցանեց եւ բարձրացուց (տե՛ս Ա.Պտ 3.18-20, 4.6)։
Քրիստոսի մեռելներէն յարութեամբ այլեւս ամէն կասկած կը չքանայ, ամէն վախ կը փարատի, տկար ու կթոտած ծունկերը կը զօրանան եւ ամէնուն հայեացքը յաղթականօրէն կ’ուղղուի դէպի յարուցեալ Քրիստոսը, մեր հաւատքի հիմնադիրին ու կատարելագործողին վրայ (տե՛ս Եբր 12.2) եւ անոր միջոցաւ խորապէս կը կապուի յաւիտենական արքայութեան ու անվախճան կեանքին։
Ատոր համար ալ քրիստոնեան մահէն չի վախնար, որովհետեւ ճշմարիտ հաւատացեալին համար մահ գոյութիւն չունի։ Որովհետեւ մեր Տէրը իր հրաշափառ յարութեամբ յաղթանակ տարաւ մահուան վրայ, երբ իր մահովը մահուան իշխանութիւնը խորտակեց եւ իր յարութեամբ ալ յաղթական ու յարուցեալ նոր կեանքի զօրութիւնը տուաւ մեզի։ Ան որ հաւատքով կ’ընդունի Քրիստոսը իր սիրտին մէջ, Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան կեանքի զօրութիւնն ու յոյսը ունի, որ վերջին օրը՝ համընդհանուր մեռելներու օրը, մենք եւս Քրիստոսի նման մեռելներէն յարութիւն առնելով՝ դէպի յաւիտենական կեանք ու արքայութիւն պիտի փոխադրուինք։
Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոսի առաքեալներուն եւ սրբազան նահատակներուն հետ մենք ալ կրնանք մահուան վրայ ծիծաղելով՝ ըսել. «Ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղթանակդ. ո՞ւր է, Մա՛հ, խայթոցդ» (Ա.Կր 15.55)։
Քրիստոսի յարութեան տօնը համայն քրիստոնեայ հաւատացեալներուն յաղթանակի տօնն է։ Սա բարիի, արդարութեան, ճշմարտութեան, սրբութեան, հաւատքի, խոնարհութեան, հեզութեան, ծառայութեան, ներողամտութեան, սիրոյ, յոյսի, զոհողութեան, լոյսի ու կեանքի յաղթանակի տօնն է։ Ասիկա մեր Ժողովուրդին եւ պատմութեան բոլոր ժամանակաշրջաններուն մէջ հաւատքի, կրօնքի եւ հայրենիքի համար եւ յատկապէս 1915-ի Ցեղասպանութեան մէկ եւ կէս միլիոն նահատակ զոհերուն ու սուրբերուն յաղթանակի տօնն է։
Քրիստոս իր յարութեամբ մահուան վրայ յաղթանակ տարաւ եւ այդ անյաղթահարելի զօրութիւնը մեր սեփականութիւնը դարձուց։ Այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի, մենք կոչուած ենք հաւատքի անվախ քայլերով առաջ ընթանալու եւ հոգեւոր պատերազմը մղելու՝ մինչեւ վերջ պահելով մեր հաւատքը, եւ մեծ ուրախութեամբ, որպէս ճշմարիտ հաղորդակիցները Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան, Մարիամ Մագդաղենացիին, առաքեալներուն, բոլոր դարերու հաւատացեալ վկայողներուն եւ մեր սրբազան հայրերուն ու նահատակներուն հետ գոչելու եւ բարձրաձայն յայտարարելով՝ աւետելու.
«ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ.
«ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ,
«ՁԵԶ ԵՒ ՄԵԶ ՄԵ՜Ծ ԱՒԵՏԻՍ»։
Մակար Արք. Աշգարեան
Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմի
Հալէպ, 20 Ապրիլ 2025