image

Քրիսթինէ Գրիգորեան ընտրուեցաւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան

Քրիսթինէ Գրիգորեան ընտրուեցաւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան

ՀՀ Ազգային ժողովը Քրիսթինէ Գրիգորեանը ընտրեց Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնին:

Փակ գաղտնի քուէարկութենէ յետոյ քուէարկութեան արդիւնքները յայտնեց Հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Նարեկ Պապայեանը:

ԱԺ 107 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցած էր 68 պատգամաւոր, որոնք բոլորն էլ կողմ քուէարկած էին: Ընդդիմութիւնը չէր մասնակցած քուէարկութեան:

Քրիսթինէ Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց եւ երդուեցաւ: Ան պաշտօնը կը զբաղեցնէ երդումէն յետոյ, գործող պաշտպանի պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտին յաջորդ օրը:

Գործող ՄԻՊ Արման Թաթոյեանի պաշտօնավարման ժամկէտը կը լրանայ Փետրուար 23-ին, անոր լիազօրութիւններու աւարտման յաջորդ օրը Գրիգորեանը պիտի սկսի պաշտօնավարել որպէս Մարդու իրաւունքներու պաշտպան:

Գրիգորեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը:

Քրիսթինէ Գրիգորեանը ունի աւելի քան 12 տարուայ մասնագիտական աշխատանքի փորձ` հիմնականին մէջ պետական մարմիններու` ԱԺ աշխատակազմին, Արդարադատութեան նախարարութեանմ, առաջին փոխվարչապետի աշխատակազմին մէջ: 2019-ի Յուլիսին նշանակուած է ՀՀ արդարադատութեան նախարարի տեղակալ, իսկ 2021-ի Ապրիլէն` ՀՀ արդարադատութեան նախարարի առաջին տեղակալի պաշտօնը: 2022-ի Յունուար 20-ին Գրիգորեան ազատուած է նախարարի առաջին տեղակալի պաշտօնէն: