Անգարան պէտք չէ վարդագոյն ակնոցներ կրէ, քանի որ եւրոպացիները չեն ուզեր Թուրքիան տեսնել Եւրոպայի մէջ, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով։
Ինչպէս գրած է ԹԱՍՍ-ը, այսպէս ան պատասխանած է այն հարցին, թէ արդեօք Քրեմլը կը կարծէ, որ Թուրքիան սկսած է թեքուիլ դէպի եւրոպա եւ կեդրոնանալ Արեւմուտքի վրայ։
«Թուրքիան կրնայ կողմնորոշուէլ դէպի Արեւմուտք, եւ մենք գիտենք, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ եղած են դէպի Արեւմուտք աշխուժ կողմնորոշման շրջաններ, եղած են աւելի քիչ աշխուժ ժամանակաշրջաններ... եթէ իրերը իերնց անուններով կոչենք, ապա ոչ ոք կ'ուզէ Թուրքիան տեսնել Եւրոպայի մէջ, ես նկատի ունիմ եւրոպացիները: Մեր թուրք գործընկերները, հաւանաբար, պէտք չէ վարդագոյն ակնոց կրեն», -ըսած է Փեսքով: