image

ՔՊ-ական պատգաւորը հրաժարեցաւ պատգամաւորի իր մանտաթէն

ՔՊ-ական պատգաւորը հրաժարեցաւ պատգամաւորի իր մանտաթէն

ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահը յայտարարութիւն տարածած է ԱԺ պատգամաւոր Անուշ Բեղլոյեանի հրաժարականի դիմումին մասին:

«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 155-րդ յօդուածի 1-ին մասի համաձայն`  Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Անուշ Բեղլոյեանը Մայիս 23-ին հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է:

«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 155-րդ յօդուածի 2-րդ մասի համաձայն` եթէ հրաժարականի հրապարակումէն յետոյ` մէկ շաբթուայ ընթացքին, պատգամաւորը գրաւոր դիմումով ետ վերցնէ հրաժարականի մասին իր դիմումը, ապա Ազգային ժողովի նախագահն այդ մասին հանդէս կու գայ յայտարարութեամբ, եթէ ետ չի վերցներ հրաժարականի մասին իր դիմումը, ապա անոր լիազօրութիւններու դադրեցման մասին կը կազմուի արձանագրութիւն, որ կը ստորագրէ եւ կը հրապարակէ Ազգային ժողովի նախագահը: Արձանագրութեան հրապարակման պահէն հրաժարականը կը համարուի ընդունուած: 

Յիշեցնենք, որ ՔՊ-ական պատգամաւորը ընտրուած էր Մրցակցութեան պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամ:

Նշենք, որ Անուշ Բեղլոյեանին պիտի փոխարինէ Գայիանէ Եղիազարեանը: