image

Քննարկում. Թեման՝ «Հայատեացութիւնը Ատրպէյճանի մէջ»

Քննարկում. Թեման՝ «Հայատեացութիւնը Ատրպէյճանի մէջ»

Երեւանի մէջ կ'ընթանայ «ատրպէյճանական հայատեացութիւնը որպէս հայկականութեան միջազգային սպառնալիք» խորագրով հանրային քննարկումը:

Քննարկման ընթացքին կը ներկայացուի նաեւ «Հայատեացութեան քարոզչութիւնը Ատրպէյճանում՝ դպրոցահասակ երեխաների շրջանում» գրքոյկը։

Բանախօսներն են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Դաւիթ Բաբայեան, ԵՊՀ Արեւելագիտութեան ճիւղի դեկան, թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր փրոֆեսոր՝ Ռուբէն Մելքոնեան, ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ)  պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր փրոֆեսոր՝ Աշոտ Մելքոնեան, ՀՀ մարդու իրաւունքներու առաջին պաշտպան՝ Լարիսա Ալավերդեան, «Ժողովրդավարական համախմբում» կուսակցութեան նախագահ, քաղաքագէտ՝ Սուրէն Պետրոսեան։