Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ վարչապետ, ներկայիս «Ապագայ» կուսակցութեան առաջնորդ՝ Ահմետ Տաւութօղլուն քրտաբնակ Հաքքարիի մէջ հանդիպման ժամանակ խօսած է քրտական հարցի կարգաւորման անհրաժեշտութեան մասին։
Թրքական Cumhuriyet–ի հաղորդմամբ՝ Ահմետ Տաւութօղլուն նշած է, թէ Թուրքիոյ որեւէ քաղաքացի պէտք է հաւասար պայմաններով ապրի։ Ան պնդած է, որ քիւրտերը Թուրքիոյ մէջ ոչ թէ մէկ հարցի անուն են, այլ այդ հարցի տուժող կողմը։
Տաւութօղլուն, դիմելով քիւրտ երիտասարդներուն, յայտարարած է, որ երիտասարդներուն տեղը ոչ թէ լեռներու մէջ զինեալ պայքարն է, այլ խորհրդարանը։