Հալէպը, որպէս ռազմավարական եւ խորհրդանշական քաղաք։
Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Սուրիոյ հիւսիսէն, մասնաւորաբար Հալէպէն եւ անոր շրջակայքէն քրտական ուժերու հեռացումը պատահական կամ միայն տեղական զարգացումներու հետեւանք չէր․ անիկա երկար ամիսներու, նոյնիսկ տարիներու կուտակուած ռազմաքաղաքական ճիգերու, ճնշումներու եւ մեծ պետութիւններու միջեւ լուռ համաձայնութիւններու արդիւնք էր։ Հալէպը, որպէս ռազմավարական եւ խորհրդանշական քաղաք, վաղուց դարձած էր միջազգային ուժերու շահերու հատման կէտ։ Քիւրտերուն ներկայութիւնը այդ միջավայրին մէջ կը դիտուէր ոչ թէ իբրեւ ինքնուրոյն հարց, այլ իբրեւ աւելի լայն «քարտ» մը՝ Անգարա- Ուաշինկթըն-Դամասկոս եռանկիւնին մէջ։
Քիւրտերու հեռացումը տեղի ունեցաւ բազմաշերտ ճնշման ներքոյ։ Թրքական կողմը իր անվտանգային օրակարգով տարիներ շարունակ կը պնդէր, որ Հալէպի եւ ընդհանրապէս հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական զինեալ կամ ինքնավար կառոյցներու ամրապնդումը «կարմիր գիծ» է։ Ռուսիան, իր հերթին, առաջնահերթ կը նկատէր Դամասկոսի պետական վերահսկողութեան վերականգնումը։ Իսկ Միացեալ Նահանգները, որ գործնականին մէջ Սուրիոյ քիւրտերուն գլխաւոր ռազմական եւ քաղաքական հովանաւորն էր «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարի տարիներուն, աստիճանաբար սկսաւ վերադասաւորել իր առաջնահերթութիւնները՝ փորձելով խուսափիլ ուղիղ բախումներէ Թուրքիոյ հետ եւ միաժամանակ ապահովել որոշակի կայունութիւն։
Ահա այս մթնոլորտին մէջ է, որ քիւրտերու հեռացումը Հալէպէն կարելի է հասկնալ իբրեւ փոխզիջումի արդիւնք։ Միացեալ Նահանգները, ունենալով «մեծ խօսք»ը, ըստ էութեան համաձայնեցաւ չկանգնիլ քիւրտերու տարածքային նահանջին դիմաց, փոխարէնը ձգտելով ապահովել քաղաքական եւ իրաւական երաշխիքներ Դամասկոսէն։ Այս կը բացատրէ, թէ ինչու սուրիական պետութիւնը, աննախադէպ կերպով, հանդէս եկաւ քիւրտերուն յատուկ հրամանագրով մը, որ տարիներ շարունակ աներեւակայելի պիտի թուէր։ Տասնամեակներ շարունակ քիւրտերը Սուրիոյ մէջ ապրած էին քաղաքացիութեան, լեզուական իրաւունքներու եւ մշակութային ճանաչման լուրջ սահմանափակումներու տակ։ 1962-ի մարդահամարը, «առանց գրանցում» մնացած հազարաւոր քիւրտերու ճակատագիրը, պետական լեզուական միօրինակութիւնը՝ այս բոլորը համակարգային քաղաքականութեան մաս էին։
Ներկայ հրամանագիրը, իր բովանդակութեամբ, կը փորձէ փակել այդ էջը…
Քիւրտերը առաջին անգամ կը ճանչցուին իբրեւ Սուրիոյ բնիկ եւ հիմնարար բաղադրիչ, ոչ թէ «խնդրահարոյց փոքրամասնութիւն»։ Լեզուի ճանաչումը, կրթութեան մէջ քրտերէնին տեղ տալը, քաղաքացիութեան համատարած շնորհումը եւ Նաւրոզի հռչակումը ազգային տօն՝ բոլորը քաղաքական ծանրակշիռ խորհրդանիշներ են։ Անոնք ուղղուած են ոչ միայն Սուրիոյ ներսը, այլ նաեւ արտաքին դերակատարներուն՝ յատկապէս Ուաշինկթընին, ցուցադրելու, որ Դամասկոս պատրաստ է իրապէս «նոր էջ» բանալու։
Սակայն այս բոլորը պէտք է դիտել իրապաշտ աչքով։ Քիւրտերը, փաստօրէն, կը ստանան իրաւական եւ մշակութային խոստումներ, բայց կը կորսնցնեն որոշ տարածքային եւ ռազմական լծակներ, որոնք ունէին պատերազմական քաոսի տարիներուն։ Միացեալ Նահանգներու նեցուկը կը շարունակուի, բայց աւելի զուսպ եւ պայմանաւորուած ձեւով․ այլեւս ոչ անպայման տարածքային ինքնավարութեան հեռանկարով, այլ համայնքային իրաւունքներու եւ քաղաքական անվտանգութեան երաշխիքներով։ Այս իմաստով «գործարք» բառը չափազանց պարզեցնող չէ․ անիկա իսկապէս փոխանակում մըն է՝ տարածքային նահանջ եւ ռազմաքաղաքական զիջում՝ դիմացը իրաւական ճանաչում եւ միջազգային հովանաւորութեան որոշ շարունակութիւն։
Ի վերջոյ, եղածը հիմնուած է ուժերու նոր հաւասարակշռութեան վրայ։ Քիւրտերը այլեւս չեն դիտուիր որպէս անկախ խաղացող, այլ իբրեւ բաղադրիչ մը, որ պէտք է տեղաւորուի սուրիական պետութեան վերակազմուող շրջանակին մէջ։ Անոնք կը շահին ինքնութեան եւ իրաւունքներու մակարդակին վրայ, բայց կը մտնեն համակարգի մը մէջ, ուր այդ իրաւունքներուն իրականացումը կախուած պիտի ըլլայ ոչ միայն օրէնքի տառէն, այլ նաեւ տարածաշրջանային մեծ խաղէն եւ մեծ պետութիւններու կամքէն։