Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը երեքշաբթի յայտարարած է, որ ինք կը հաւնի քիւրտերը՝ աւելցնելով, որ իր վարչակազմը կը փորձէ պաշտպանել այդ էթնիք խումբը, յայտնած է Rudaw-ը:
Յայտարարութիւնն եղած է քիւրտերու գլխաւորած Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերու դէմ սուրիական բանակի շարունակական յարձակումներու լոյսին ներքոյ՝ չնայած երեքշաբթի ուշ երեկոյեան Դամասկոսը յայտարարած էր քառօրեայ հրադադարի մասին:
Սուրիոյ քրտական ուժերու հսկողութեան տակ գտնուող հիւսիսարեւելեան շրջանի, Թուրքիոյ եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու քիւրտերը ցոյցեր կազմակերպած են՝ իրենց զայրոյթը յայտնելով Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն, որոնք չեն պաշտպանած քիւրտերը, հակառակ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին տասնամեայ գործընկերութեան:
Սուրիոյ կառավարութիւնը երեքշաբթի յայտարարած է, որ քրտական մեծամասնութեամբ Հասաքէ նահանգի ապագային վերաբերող քանի մը հարցերու շուրջ «փոխադարձ համաձայնութեան» հասած է Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերու հետ։
Սուրիոյ հարցով Թրամփի դեսպանորդը նշած է, որ «Ասատի հրաժարականէն ետք Սուրիոյ մէջ քիւրտերու համար ամենամեծ հնարաւորութիւնը հիմա է՝ նախագահ Ահմետ Շարըհի գլխաւորած նոր կառավարութեան օրօք», նկատի ունենալով երկրի ժամանակաւոր նախագահը։