image

Քիւրտերու պատուիրակութիւն մը Ուաշինկթըն կ'երթայ. Ի՞նչու

Քիւրտերու պատուիրակութիւն մը Ուաշինկթըն կ'երթայ. Ի՞նչու

Սուրիոյ պատերազմին մասնակցող քրտական YPG կազմակերպութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը յառաջիկայ օրերուն Ուաշինկթըն պիտի ժամանէ: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ նաեւ կը յայտնեն, թէ քիւրտ զինուորական պատասխանատուներ բանակցութիւններ պիտի վարեն ամերիկացի զինուորական ներկայացուցիչներու հետ` արդիական զէնքեր ստանալու վերաբերեալ համաձայնութեան մը գալու նպատակով: Նշենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ խօսակցութիւն կ'երթայ ԱՄՆ-ի կողմէ Սուրիոյ քիւրտերը զինելու մասին ու երեւելի է, որ այս անգամ կատարուելիք համաձայնութեան հիմքով Ուաշինկթըն մտադիր է շրջանին մէջ հաւասարակշռութիւններու նոր ձեւակերպումներ կատարելով քիւրտերուն շնորհել «ամերիկեան խաղ»ը առաջ մղելու նոր եղանակ մը: Այստեղ հարցը քիւրտերը զինելը չէ, այլ Անգարա- Ուաշինկթըն յաւելեալ լարումի մը հաւանականութիւնը, որովհետեւ Թալ Ապեատի, Քոպանիի եւ այլ «քրտական» շրջաններու մէջ տեղի զինեալներուն արդիական զէնքերու տիրանալու երեւոյթը իրավիճակը աւելի «տհաճ» եւ անընդունելի կը դարձնէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար: Չմոռնանք յիշեցնել, որ շուրջ ամիս առաջ Թուրքիոյ բանակին շղթայազերծած «Եփրատի վահան» գործողութիւնը կը միտի ոչ միայն Տահէշը հարուածել այլ «կարգի հրաւիրել» Թուրքիա- Սուրիա սահմանային գօտիներուն մէջ եղող քիւրտ զինեալ խմբաւորումները, որոնց գլխաւորագոյնը անշուշտ զինեալ YPG կազմակերպութիւնն է: Այս ընդհանուր իրավիճակին մէջ յստակ է նաեւ, որ Անգարա-Ուաշինկթըն տարակարծութիւնը դէպի յաւելեալ խորացում կ'երթայ ու այս բոլորին հետ թրքական «առկայ գործօն»ի վերատեսութեան ենթարկելու կամ  յարաբերութիւններու նոր սահմաններ գծելու վերջնական գործընթացը պիտի կատարուի միայն յառաջիկայ նոյեմբերին ԱՄՆ-ի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններէն ետք: