Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Հալէպի նորանշանակ Փոխ Առաջնորդ Գերպ. Տ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Պէզուզեան, օրերս, ծանօթացման այցելութիւն տուած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին՝ Ազգային Առաջնորդարանէն ներս։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի էջէն։
Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը՝
Երկուշաբթի, 23 Յունիս 2025-ի առաւօտուն, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Հալէպի նորանշանակ Փոխ Առաջնորդ Գերպ. Տ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Պէզուզեան, ծանօթացման այցելութիւն տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս, ուր ան ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Սրբազան Հօր եւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի կողմէ։
Եղբայրական սիրոյ ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, անդրադարձ կատարուեցաւ ներկայիս տիրող իրավիճակին եւ համագործակցութեամբ բոլոր մարտահրաւէրները յաղթահարելու կարելութեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Հայ Կաթողիկէ Համայնքի նորանշանակ Փոխ Առաջնորդը եւ առաւել ուժ, կորով, բարի եւ պտղաբեր ծառայութիւն եւ առաքելութիւն մաղթեց անոր։ Այս առիթով, Սրբազան Հայրը իր նորատիպ գիրքերէն օրինակներ նուիրեց անոր։