Թուրքիոյ մէջ ընթացող դէպքերը բաւական ծանր հանգրուանի մը նախասկիզբը կրնան ըլլալ : Թուրքիա ամէն գնով կը փորձէ ծանր հարուած տալ PKK -ին: Վարչապետ Տաւութօղլու, որ անցնող օրերուն զինուորական համակարգումի գլխաւոր «մաէսթրօ»ն դարձաւ կը խօսի ծանր խազերով եւ նոթերով: Հիմա ի յայտ կու գայ, որ Թուրքիոյ ղեկավարութեան համար քրտամէտ HDP կուսակցութեան անցնող 7 Յունիսին խորհրդարանական ընտրութիւններուն գրանցած յաղթանակը անմարսելի է: Քիչ չէր թիւը այն դէտերուն, որոնք տարբեր առիթներով յայտնած էին, որ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը «հալած իւղ» ի պէս պիտի չկլէր քրտական մասնակի «ցունամի»ին արդիւնքները : Եւ այս պահուն Թուրքիոյ իշխանութեան բոլոր դիմակները ինկած են: Թուրքիոյ համար եթէ մինչեւ այս պահը ISIS Սուրիոյ մէջ անուղղակի միջամտութեանց գործիք էր այսօր նոյն խմբաւորումը դարձած է թրքական թնդանօթերուն եւ կործանիչներուն ճանապարհ ցոյց տուող «ուղեցոյց»: Ասկէ զատ յատկանշական է, թուրք- ամերիկեան երեւելի «սիրաբանութիւն»ը: Իրանի, Եէմէնի, Սուրիոյ եւ Իրաքի տագնապներէն անդին Սպիտակ Տան առաջնորդը «բացառիկ հոգատարութիւն» ցոյց կու տայ Էրտողանին բայց մանաւանդ Թուրքիոյ քաղաքականութեան գլխաւոր ճարատապետ ՝ Ահմատ Տաւութօղլուին: Ներկայ պահուն քարտէզներու փոփոխութեան մասին խօսակցութիւններ չեն լսուիր: Միացեալ Նահանգներ պարզապէս կը յիշեցնէ, որ Թուրքիան իր անփոխարինելի դաշնակիցն է: Սակայն տխուր փաստն այն, որ այս բարեկամութեան վերաթարմացումը կրնայ քիւրտերու արիւնով ըլլալ: ISIS-ի Խնդիրը կրնայ երկրորդական ըլլալ, որովհետեւ Անգարայի համար ներկայ պահու դրութեամբ առաջնայինը քիւրտերու զինուորական կամքը կոտրելն է: