image

Քեսապի մէջ զոհուած հայորդիին այրին օգնութեան կարիք ունի

Քեսապի մէջ զոհուած հայորդիին   այրին օգնութեան կարիք ունի

«Ես 2 զաւակ ունիմ, ամուսինս նահատակուեցաւ Քեսապի մէջ,  ու հիմա մենք   շատ դժուար պայմաններու մէջ կ'ապրինք»: Այս կ'ըլլան Սաթիկ Յովհաննէսեանի՝«Արեւելք»ին յղած խօսքերը: Ան 3 տարիէ ի վեր աշխատանք կը փնտռէ, բայց մինչեւ այս պահը չէ կարողացած ապրուստը ճարելու համար գործ մը ճարել: Սաթիկ, որ ներկայիս կ'ապրի Քեսապի մէջ,   պատմելով իր իրավիճակին մասին, նաեւ ըսաւ. «Յոգնած եմ ֆիզիքապէս, հոգեպէս եւ բարոյապէս: Միակ մտահոգութիւնս երկու որբացած աղջիկներս են: Կ'ուզեմ ամէն գնով տէր կանգնիլ անոնց, բայց առանձին եմ եւ անտէր: Շատ պատմելիքներ ունիմ ձեզի, ծանր վիճակի մէջ եմ եւ կը յուսամ, որ մարդիկ կը գտնուին, որ մեզի օգնութեան ձեռք կ'երկարեն»:

Սաթիկ ըսաւ, որ ինք չէ կորսնցուցած, իր յոյսը եւ լաւատես է, որ անպայման իրմով եւ իր երկու զաւակներով հետաքրքրուողներ եւ իրենց օգնողներ պիտի յայտնուին:

Նշենք, որ նախքան Սաթիկին գիրը ստանալը, «Արեւելք» Միացեալ Նահանգներ ապրող հայուհիէ մը այս թեմայով դարձեալ նամակ մը ստացաւ: Մեր հայրենակիցը, որ խնդրեց իր անունը չհրապարակել,  ըսաւ. «Սաթիկը կը գտնուի շատ վատ վիճակի մը մէջ, առողջական լուրջ խնդիրներ ունի եւ նոյնիսկ դեղ առնելու միջոցներ չունի: Ձեզմէ շատ պիտի խնդրենք, որ անոր մասին հրապարակում մը ընէք, որպէսզի մարդիկ գիտնան իր մասին եւ օգնութեան ձեռք երկարեն»:

Հալէպէն ԱՄՆ մեկնած հայուհին նաեւ ըսաւ, որ Սաթիկ  դիմած է Քեսապի տարբեր մարմիններուն , բայց ոչ ոք ընդառաջած է անոր խնդրանքներուն:

Յիշեցնենք, որ Սաթիկ կինն է Շանթ Յովհաննէսեանին, որ զոհուած էր Քեսապի դէպքերու նախօրէին,  եւ զինեալները  անոր մարմինը     ամփոփած էին տան շրջափակին մէջ: Տխուր դէպքերէն ետք, երբ Սաթիկ վերադարձած էր Քեսապ, անոր ներկայութեամբ յայտնաբերուած էր  հանգուցեալին մարմինը, ու ապա թաղման կարգի արժանանալէ ետք՝ հողին յանձնուած գիւղի գերեզմանատան մէջ: Այդ դէպքէն ետք էր, որ Սաթիկ հոգեկան մեծ ցնցումներ ապրելէ ետք   մատնուած էր  բաւական դժուարին եւ  անմխիթար վիճակի մը մէջ: