image

Քաթարի իշխանին այցը Թեհրան

Քաթարի իշխանին այցը Թեհրան

Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը երէկ այցելեց Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ:

Ռայիսի հանդիպումի աւարտին տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Քաթարի իշխանին Իրան այցելութիւնը երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ «շրջադարձային կէտ» պիտի ըլլայ:

Ան շեշտեց, որ պէտք է խզել Կազայի պաշարումը եւ վերջ տալ Իսրայէլի ոճիրներուն, ինչպէս նաեւ վերջ տալ Եմէնի ժողովուրդի պաշարումին:

Իրանի նախագահը ցաւակցութիւն յայտնեց պաղեստինցի լրագրող Շիրին Ապու Աքլէի ընտանիքին` նշելով, որ Իսրայէլի ոճիրները «անոր անվտանգութիւն պիտի չապահովեն, այլ անոր դէմ ատելութիւն պիտի սերմանեն»:

Քաթարի իշխանը իր կարգին ըսաւ, որ Իրանի նախագահին հետ քննարկած է «շրջանային թղթածրարները, նախ եւ առաջ Պաղեստինը, Եմէնը, Սուրիան եւ Իրաքը»` աւելցնելով. «Շրջանային տագնապները երկխօսութեամբ եւ խաղաղ ճամբով լուծելու կարեւորութիւնը քննարկեցինք»:

«Այս այցելութեան ընթացքին նաեւ խօսեցանք Վիեննայի բանակցութիւններուն մասին, եւ Քաթար աշխատանք կը տանէ զայն յառաջ մղելու` արդար համաձայնութեան հասնելու համար», ըսաւ իշխանը:

Թամիմ իշխանը յայտնեց, որ իր այս այցելութիւնը Իրանի հետ յարաբերութիւնները յառաջ պիտի մղէ` երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները որակելով ամուր եւ բարի դրացնութեան վրայ հիմնուած: «Այսօր այստեղ կը գտնուինք հաստատելու համար, թէ այս յարաբերութիւնները անցեալէն աւելի լաւ պէտք է ըլլան», ըսաւ ան:

Քաթարի իշխանը նշեց, որ Իրանի նախագահին հետ համաձայնած է շրջանի խնդիրները երկխօսութեան ու խաղաղ ճամբով լուծելու շուրջ:

Ինչ կը վերաբերի Պաղեստինեան հարցին, Քաթարի իշխանը պահանջեց հաշուետուութեան ենթարկել լրագրող Շիրին Ապու Աքլէն սպաննողները` ցաւակցութիւն յայտնելով անոր ընտանիքին:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իշխանը հիւլէական համաձայնութեան վերակենդանացման ջանքերը քննարկելու համար մտադիր է նաեւ Գերմանիան եւ Բրիտանիան ներառող շրջապտոյտի մը ձեռնարկել:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն: