image

Սուտ լուրեր կը տարածուին Ուալիտ Պըն Թալալ իշխանին մասին. Պատճա՞ռը (Լուսանկար)

Սուտ լուրեր կը տարածուին Ուալիտ Պըն Թալալ իշխանին մասին. Պատճա՞ռը (Լուսանկար)

  Պըն Թալալի անունը երեւելի դարձաւ մասնաւորապէս 2017 թուականին, երբ Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ այլ բարձրաստիճան իշխաններու հետ որոշ ժամանակի մը համար «կալանք»ի տակ առնուեցաւ Ռիատի «Ռիթց» պանդոկին մէջ, եւ կ՚ըսուի նաեւ, որ այդպիսով Սէուտցիք կարողացան կանխել  կազմակերպուած պետական հարուած մը։

 

 

Արաբական աշխարհի մէջ կարեւոր հեղինակութիւն համարուող Ուալիտ Պըն Թալալի մահուան մասին լուրեր շրջան ըրած են։

 Այս մասին տեղեկութիւնը կը կարդանք Լիբանանի «Ալ Նահար» օրաթերթէն, որ զգայացունց լուրին վերաբերեալ հետաքննական աշխատանք մը տանելով հասած է որոշակի եզրակացութիւններու։

 Թերթը նշած է, որ անուանի գործարարը ողջ-առողջ է եւ սովիրականին պէս կը շարունակէ իր աշխատանքները։

 Աղբիւրը նաեւ մեծ կասկածներով գրած է այն կողմերուն մասին, որ Պըն Թալալի մահուան մասին ստապատիր լուրեր կը տարածեն յարելով, որ անոնք «յետին հաշիւներ» կը փորձեն մաքրել։

«Ալ Նահար» նոյն խնդրով յղում ըրած է Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններուն խոսափող համարուող «Օքազ» թերթին, որ շրջանառուող լուրերը հերքելէ զատ ծանր բառերով դիմած է այն կողմերուն, որոնք նման սուտ լուրեր կը տարածեն։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Պըն Թալալ, որուն մասին կ՚ըսուի, թէ հայկական ծագում ունեցող ազգականներ ունի, մինչեւ տարի մը առաջ կը համարուէր Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամմատ Պըն Սըլմանի կարեւոր հակառակորդներէն մին, վերջին ժամանակներուն հարթած է իր տարակարծութիւնները Ռիատի իշխանակարգին հետ եւ կը գործակցի Մոհամմատ իշխանին հետ։ 

 

 Պըն Թալալի անունը երեւելի դարձաւ մասնաւորապէս 2017 թուականին, երբ Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ այլ բարձրաստիճան իշխաններու հետ որոշ ժամանակի մը համար «կալանք»ի տակ առնուեցաւ Ռիատի «Ռիթց» պանդոկին մէջ, եւ կ՚ըսուի նաեւ, որ այդպիսով Սէուտցիք կարողացան կանխել  կազմակերպուած պետական հարուած մը։

 

Ամէն պարագայի եւ մէկ կողմ դնելով բոլոր մակարդակի ըսի ըսաւները, հարկ է շեշտել, որ Պըն Թալալ իշխան մեծ բարերարութիւններ իրականացուցած գործիչ է, որուն ուշադրութեան կեդրոնին է նաեւ Լիբանանի քրիստոնեայ եւ հայ համայնքները։

 

Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի