image

Քանի տոլարով պիտի վաճարուի ռուսական «Սփութնիք -V » պատուաստը Պէյրութի մէջ

Քանի տոլարով   պիտի  վաճարուի ռուսական «Սփութնիք -V » պատուաստը Պէյրութի մէջ

Տարբեր երկիրներու մէջ դրական մեծ արդիւնքներ գրանցած ռուսական «Սփութնիք-V» պատուաստը շուտով Պէյրութ պիտի հասնի։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Lebanon Debate կայքէն։

 

 Ռուսական պատուաստի գինին մասին գրելով աղբիւրը յայտնած է, որ «Սփութնիք-V երկու տեսակի է, մինչ գլխաւոր տեսակը պիտի վաճարուի 38 ԱՄՆ տոլարի, երկրորդ եւ «Սփութնիք- լայթ» տեսակը պիտի վաճառուի 9 ԱՄՆ տոլարի։

 

 

 Կը նշուի նաեւ, որ  այս մասին խօսած է Լիբանան-Ռուսաստան բարեկամութեան միութեան համակարգող ՝գործարար Ժագ Սարաֆին հետ, որ խօսելով պատուաստի արդիւնաւէտութեան մասին նաեւ նշած է, որ ներկայիս միայն գլխաւոր տեսակն է, որ Լիբանան պիտի հասնի, մինչեւ «Լայթ» տեսակը ուղարկուած է Հնդկաստան յաւելեալ փորձեր կատարելու համար։

 

 Ըստ տրուած տեղեկութեանց  ռուսական պատուաստը կրնայ արտադրութիւնէն ետք պահուիլ  6 ամսուան շրջանի մը համար։