Ռուսաստանը քաղաքական եւ տնտեսական հետեւանքներ պիտի ունենայ Ուքրանիոյի դէմ յարձակման պարագային:
Այս մասին Ռիկայի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Յենս Սթոլթընպըրկը:
«Ապագային Ուքրանիոյ դէմ որեւէ յարձակում Ռուսաստանի համար մեծ գին եւ քաղաքական ու տնտեսական հետեւանքներ պիտի ունենայ», ըսած է ան։