«Արեւելք»ի ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ երէկ եղած հրդեհէն ետք եւ ի մասնաւորի համացանցային տիրոյթին վրայ զանազան անհիմն գրառումներ եղան, որոնք բոլորն ալ եղածը վտանգաւոր բան մը ներկայացնել կը փորձէին։
Առ այդ տեղին համարեցինք սոյն լուրի հրապարակումը։
Պուրճ Համուտի գլխաւոր-քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ երէկ ծագած հրդեհին մասին հաղորդագրութեամբ մը հանդէս եկած է շրջանի քաղաքապետարանը։
Քաղաքապետարանի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ հրդեհը հետեւանք էր երէկ Պէյրութը հարուածող անձրեւային եղանակին, որուն ընթացքին ալ կայծակի մը պատճառով քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ գտնուող ծառերէն մին հրդեհուած է։
Կը նշուի նաեւ, որ հրդեհին հետեւանքով զոհեր կամ տուժածներ չեն գրանցուած։