Ռուսիոյ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին առաջընթաց արձանագրած է Ուքրանիոյ մէջ իրականացուող յատուկ գործողութեան մէջ։ Այս մասին յայտարարած է Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ՝ Պորիս Ճոնսըն։
«Փութին աստիճանաբար, դանդաղ, բայց շօշափելի առաջընթաց կ'արձանագրէ Ուքրանիոյ մէջ»,- ըստ Bloomberg-ի` ըսած է Ճոնսըն:
Նշենք, որ Մեծ Բրիտանիան պարբերաբար կը յայտարարէ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական անյաջողութեան մասին։