Ընկերներս կը վկայէին թէ Շիրինօղլու իր ընտանիքը կողքին ունենալով ներկայացած էր իբրեւ սգաւոր ամբողջ ընտանիքի մը եւ հետզհետէ համայնքի մը անունով։
Պոլիս, Պոլիս…հարստութիւնդ ծոցիդ մէջ պահած ու սնուցած հսկայ ժառանգ մըն է, իսկ աղքատութիւնդ մերօրեայ մարդու ապերախտութիւնը։
Իզուր է Պոլիսը եւ պոլսեցին արհամարհել, քանի որ ան իր յաւէրժի ճամբան կը շարունակէ բազմաբնոյթ հակասութիւնները շալկած կերպով։
Պոլիսը՝ հին եւ նոր։ Աշխարհակալ կայսրութիւններու պատմական մայրաքաղաք։ Ստանձնած բազում կոչումներու կողքին արեւմտահայ մշակոյթի կեդրոն։ Աշխարհի վրայ մօտ 50 հայկական եկեղեցիներով հայ հոգեւոր մշակոյթի ալ կարեւոր կեդրոնը։
Հոն կը գործէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ չորս նուիրապետական աթոռներէն մէկը, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը։
Գործնական գետնի վրայ այդ կեդրոնը պայմաններու բերումով կորսնցուցած է իր նախկին ուժը, կարողութիւնը եւ փայլը։ Նոյնիսկ տեղին է կարգ մը շրջանակներու վարկաբեկման համար Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռը Թրքական հաստատութիւն մը ըլլալով ներկայացնելու ցանկութիւնը։ Ճիշդ է որ չար միտք մըն է սա, բայց նոյնքան իրաւացի։ Պատրիարքարանը ո՛չ թէ հայ ժողովուրդի հոգեւոր պահանջները դիմագրաւելու համար, այլ Օսմանեան Սուլթանի իր արշաւած քաղաքի վրայ իշխանութիւնը ամրացնելու համար հիմնուած է։
Այս քաղաքը իր ներկայ բնակչութիւնով շատ մեծ աւանդութեան մը իրաւական ժառանգորդն է նաեւ։
Այս բոլորը կը մտածեմ քանի մը դէպքերու նոյն օրերուն զուգադիպելուն պատճառաւ։ Նախ յատուկ նշանակութիւն մը ունեցաւ սովորական պսակադրութիւն մը, երբ ան տեղի կ՚ունենար արուարձանային Գանտիլլի թաղի Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցիի կամարներուն ներքեւ։
Նոր պաշտօնակոչուած թաղականութիւնը ուրախութեամբ կը յիշեցնէ թէ երկար տարիներու ընդհատումէ մը ետք առաջին անգամ պսակադրութիւն կը կատարուի այդ եկեղեցւոյ մէջ։
Պատճառը պարզ է՝ Գանտիլլի թաղը բազում այլ արուարձանային թաղերու նման տարիներու ընթացքին կորսնցուցած է իր ծուխը։ Ուրեմն կը ստիպուինք երեւակայել այն տարեթիւերը, ուր տեղւոյն հայութեան հոգեւոր կարիքներու համար անհրաժեշտ եղած էր նոր եկեղեցւոյ մը շինութիւնը։
Օրակարգի երկրորդ կարեւոր նիւթը պոլսահայ համայնքէ ներս իր ձեռնառատ նուիրատուութիւններով ծանօթ բարերարուհի Սելմա Իսքենտէրէօզի թաղման տխուր արարողութիւնն էր։
Արարողութեան տխուր հանգամանքը կը գոյանար մեր մամուլէ ներս ընտանեկան մահազդի մը անգամ բացակայութիւնով։ Տիկին Սելմա մինչեւ տասնեակ մը առաջ այս համայնքէ ներս սիրուած ու յարգուած անձնաւորութիւն մըն էր, բացի իր եւ ամուսնոյն անունով կատարած նուիրատուութիւններէն, աշխոյժ վարչական ջանքերով եւս։ Ան եթէ հարկ եղաւ անվարան մաս կազմեց Գարակէօզեան Որբանոցի խնամակալութեան։ Մենք կը յիշենք տաղաւարի տօներուն առթիւ անոր ամուսնոյն հետ միասին հայատառ մամուլին տուած շնորհաւորական պատգամները, որոնք ձեւով մըն ալ նեցուկ էին այդ թերթերու յարատեւութեան։ Իսկ երբ ան առյաւէտ կը հեռանար մեզմէ, կարծես այս յատկանիշներն ալ կը ծածկուէին մոռացութեան փոշիով մը։
Եթէ անձամբ ներկայ չէի գտնուած թաղման կարգին, ընկերներուս վկայութիւնով տեղեկացայ Պարոն Պետրոս Շիրինօղլուի կարծես թէ ամբողջ համայնքի մը բացթողումը վերացնելու միտող վարքին։
Ընկերներս կը վկայէին թէ Շիրինօղլու իր ընտանիքը կողքին ունենալով ներկայացած էր իբրեւ սգաւոր ամբողջ ընտանիքի մը եւ հետզհետէ համայնքի մը անունով։
Պոլիս, Պոլիս…հարստութիւնդ ծոցիդ մէջ պահած ու սնուցած հսկայ ժառանգ մըն է, իսկ աղքատութիւնդ մերօրեայ մարդու ապերախտութիւնը։
Իզուր է Պոլիսը եւ պոլսեցին արհամարհել, քանի որ ան իր յաւէրժի ճամբան կը շարունակէ բազմաբնոյթ հակասութիւնները շալկած կերպով։
Բագրատ Էսդուգեան
«Ակօս»