Թուրքիա- Պոլսոյ Գարթալի թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Նշան եկեղեցին վերանորոգումէ ետք 8 Օգոստոսին պիտի բանայ իր դռները հաւատացեալներուն առջեւ:Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան կայքի փոխանցմամբ, նման որոշում կայացուած էր Յուլիս 3-ին` եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի եւ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի հանդիպման ժամանակ:Քաղաքէն բաւական հեռու գտնուող եկեղեցին շուրջ երկու տարիէ փակ էր վերանորոգման պատճառով:Հանդիպումի ընթացքին ատենապետ Յովհաննէս Սահակօղլու եւ անոր ընկերները պատմած են, որ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները աւարտին հասած են, եւ Արամ արքեպիսկոպոսը հրաւիրած են բացումին: