image
Հրատապ լուրեր:

ՊՆ-ի աշխատակիցներ շէնքէն դուրս չեն եկած եւ քնացած են աթոռներու վրայ. News.am

ՊՆ-ի աշխատակիցներ շէնքէն դուրս չեն եկած եւ քնացած են աթոռներու վրայ. News.am

ՊՆ աշխատակիցներու մեծ մասը այս գիշեր տուն չէ գացած։ NEWS.am-ի տեղեկութիւններով՝ աշխատակիցներէն շատ քիչերուն կրցած են տարհանել ուղղաթիռով, միայն անոնց, որոնց խիստ անհրաժեշտ եղած է՝ յղիներ, առողջական խնդիրներ ունեցող մարդիկ։

Միւսները գիշերած են իրենց աշխատասենեակներուն մէջ, փորձած են քնանալ՝ իրենց աշխատանքային աթոռներուն նստած։ Սնունդի խնդիր, մեր տեղեկութիւններով, չկայ։ Սնունդը ՊՆ շէնք տարած են ուղղաթիռով, ճաշարանը կը գործէ։

NEWS.am-ի թղթակիցը ՊՆ շէնքի դիմացէն հաղորդած է, որ ուղղաթիռն այսօր ալ անընդհատ ելումուտ ըրած է ՊՆ շէնքի տարածք։